Թուրքիան, շարունակելով ծաւալապաշտական իր ծրագիրները, իր տիրապետութեան ներքեւ եղող Հալէպի հիւսիս-արեւմուտքը գտնուող ԱՖՐԻՆ շրջանէն, ամիսներ առաջ դէպի Լիպիա ահաբեկիչներ առաքելու համար, արձանագրութեան երեք գրասենեակներ բացաւ։ Սակայն երբ կասեցուեցաւ դէպի Լիպիա ահաբեկիչներ ղրկելու հոսքը, նոյն այդ գրասենեակները գործեցին այլ նպատակով։
Զահեր Թահան (Փորձագետ, լրագրող) - «Աֆրինի մէջ Թուրքիոյ ամբողջական հովանաւորութեամբ եւ հսկողութեամբ գործող գրասենեակները կը ծառայէին ահաբեկիչները Լիպիա ղրկելու նպատակին, սակայն այդ ուղղուածութիւնը դադրելէ ետք, անոնք սկսան գործել ցանկագրելու համար Արցախի դէմ կռուելու նպատակով դէպի Ատրպէյճան մեկնեկու ցանկութիւն յայտնողներու անունները»։
Արցախի դէմ կռուելու համար Ատրպէյճան ղրկուած ահաբեկիչները նոյն այն խմբաւորումներէն են, որոնք տակաւին քանի մը տարի առաջ Հալէպի մէջ հայաշատ թաղամասերը կը ռմբակոծէին։
Զահեր Թահան - «Ահաբեկիչներու մեծամասնութիւնը թուրքմէններ են, հիմնականը ՍՈՒԼԹԱՆ ՄՈՒՐԱՏ եւ ՍՈՒԼԹԱՆ ՍՈՒԼԱՅՄԱՆ ՇԱՀ խմբաւորումներէն, պատկառելի է նաեւ ՀԱՄԶԷ խումբէն մեկնողներուն թիւը»։
Թուրքիան մեծաթիւ ահաբեկիչներ ներգրաւելու համար Արցախի դէմ մղուող պատերազմին, ջանք չխնայեց գրաւիչ խոստումներ տալու անոնց։
Զահեր Թահան - «Թուրքիան անոնց խոստացած էր ամսական 2000 Ա.Տ. վճարում, պատերազմին սպանուելեւ պարագային խոստացած էր դիակը վերադարձնել Սուրիա: Պէտք էր ապահովեր սպանուող ահաբեկիչի ընտանիքին տեղափոխումը Ատրպէյճան կամ Թուրքիա ու հոգար անոր ապրուստը»։
Թուրքիան ինչպէս միշտ չյարգեց ահաբեկիչներուն տուած իր խոստումը, հետեւաբար մեկնելու ցանկութիւն յայտնող չմնաց, եւ արձանագրութիւնները դադրեցան։ Այսուհանդերձ, այդ գրասենեակները բոլորովին չփակուեցան, որպէսզի զինեալները այլ տարածաշրջան մը ուղարկելու կարիք ըլլալու պարագային վերսկսին աշխատիլ։ Իսկ ի՞նչ եղաւ Թուրքիոյ կողմէ տրուած խոստումները չյարգուելու հետեւանքը։
Զահեր Թահան - «Նախ ըսեմ, որ ահաբեկիչները, որոնք Արցախի դէմ առաջնային գիծերու վրայ կը կռուէին, հայկական բանակի հարուածներէն մեծ կորուստներ ունեցան։ Թուրքիան անոնց դիակները չվերադարձուց Աֆրին, այնպէս ինչպէս խոստացած էր, այլ սպանուածներէն միայն 30 %-ի դիակը վերադարձաւ, մնացածինը գետինը փռուած մնաց։ Այս մէկ։ Երկրորդ՝ ամիսներ առաջ Ատրպէյճան փոխադրուողներուն խոստացուած ամսական գումարը միայն առաջին ամիսը տուաւ, յաջորդ ամիսը նուազեցուց կէսի, իսկ երրորդ ամիսը բնաւ չվճարեց։ Երրորդ՝ ո՛չ Թուրքիան, ո՛չ Ատրպէյճանը ընդունեցին անոնց ընտանիքներու վերաբնակեցումը։ Այս բոլորէն ետք ահաբեկիչները ընդվզեցան եւ ուզեցին Սուրիա վեջադառնալ։ Սյդպէս ալ եղաւ»։
Աֆրինէն եկած տեղեկութիւններուն համաձայն Թուրքիան արդէն ծրագրած էր ձերբազատուիլ գլուխ ցաւցնող շարք մը ահաբեկիչներէ, հետեւաբար Արցախի դէմ պատերազմը լաւ առիթ էր, թէ՛ Հայաստանի դէմ կռուելու, թէ անոնցմէ ձերբազատուելու։