Գերաշնորհ Տ. Ռիչըրտ Արքեպիսկոպոս Կանյոնը, Գերաշնորհ Տ. Միքայէլ Եպիսկոպոս Մուրատեանը և Գերաշնորհ Տ. Աբգար Եպիսկոպոս Յովակիմեանը համատեղ հայտարարություն են տարածել, որում մասնավորապես ասված է.
«Վերջին շաբաթներուն ամբողջ աշխարհը ականատես եղաւ անմեղ արեան նախճիրին, Արցախի՝ լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան նախնիներու երկրին մէջ:
Իրագործուած բռնութիւնն ու կործանումը, յարուցուած տառապանքն ու ցաւը չեն կրնար միջազգային հասարակութիւնը, ոչ ալ հաւատաւոր տղամարդիկ եւ կանայք անտեսել:
Որպէս հոգեւոր առաջնորդներ, մեր աղօթքը կը բարձրացնենք առ Ամենակալ Աստուած խաղաղ արդար լուծումի մը համար, միեւնոյն ժամանակ կը ցաւինք իրադարձութիւններու ամենավշտալի շրջադարձի կապակցութեամբ, որոնցմով կը շարունակուին ոտնահարուիլ Արցախցի ժողովուրդին հիմնական իրաւունքներն ու ազատութիւնը:
Այնուամենայնիւ, մենք ամուր կանգնած ենք այս ողբերգութեան զոհերու կողքին ու լրջօրէն կը խրախուսենք իւրաքանչիւր նախաձեռնութիւն, որ կը նպաստէ խաղաղութեան եւ արդարութեան: Կը ցաւինք տեղի ունեցած ռազմական յարձակումներուն եւ դաժան անմարդկային այլ վայրագութիւններուն համար, ինչպէս նաեւ քաղաքական գործիչներուն կոչ կ'ուղղենք բարեխղճօրէն, բարեացակամութեամբ ու պարկեշտութեամբ համագործակցիլ, որպէսզի Աստուածատուր անփոխարինելի ազատութիւնները ծաղկին եւ վերստին անդորրը վերադառնայ:
Նոյնպէս կը ցանկանանք խրախուսել նաեւ Գանատայի կառավարութեան յստակ միջոցներ ձեռնարկելու՝ ի նպաստ Արցախցի հայ բնակչութեան պաշտպանութեանը եւ ջանքեր գործադրելու՝ գործի դնելով այնպիսի համակարգ, որուն միջոցով հայերը կը կարենան արժանանալ այդ տարածաշրջանի արդար եւ օրինական ինքնորոշման միջոցներուն:
Այս ճգնաժամին խորանալէն առաջ, մենք կը դիմենք անոնց որոնք իշխանութեան, պատասխանատուութեան եւ ազդու դիրքեր ունին անկեղծ բանակացութիւններ վարելու եւ ամբողջ սրտով վճռելու հրադադարի ռեժիմը եւ միասնաբար աշխատելու, որպէսզի բոլորը կարողանան ապրիլ Տիրոջ օրհնութեամբ՝ խաղաղութեան եւ բարգաւաճման մէջ:
Գերաշնորհ Տ. Ռիչըրտ Արքեպիսկոպոս Կանյոն
Ուինիփէկի Արքեպիսկոպոս
Կաթողիկէ Եպիսկոպոսներու Գանատական Համաժողովի Նախագահ
Գերաշնորհ Տ. Միքայէլ Եպիսկոպոս Մուրատեան
Առաջնորդ Գանատայի եւ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Կաթողիկէ Համայնքի
Գերաշնորհ Տ. Աբգար Եպիսկոպոս Յովակիմեան
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Գանատայի Թեմի Առաջնորդ»: