Սփիւռքի մէջ հայակերտութեան վսեմ գործին գլխաւոր դերակատար հայ դպրոցը մերօրեայ ամենէն դժուար պայմաններուն կը շարունակէ գործել:
Լիբանանի անկայուն ապահովական եւ ծանրակշիռ տնտեսական պայմաններուն մէջ ընթացք առաւ 2020 2021 ուսումնական տարեշրջանը։ Հակառակ համաճարակային ծանր կացութեան Հայ դպրոցը կրկին բացաւ իր դռները եւ օրուան արհեստագիտութեան բարիքներէն օգտուելով անցաւ իր սրբազան աշխատանքին այս անգամ առցանց/հեռավար տարբերակով։
Այսօր սփիւռքի հայկական վարժարաններուն դերը շատ աւելի կարեւոր դարձաւ, oրինակ Պէյրութի Մխիթարեան վարժարանը սկսաւ աշակերտներուն հայրենասիրութիւն փոխանցել ժամանակակից արդիական ձեւեր օգտագործելով։ Աշակերտները կազմակերպած են ամանորի վաճառք, որուն հասոյթը ամբողջովին պիտի յատկացուի Արցախցի փոքրիկներու։
Սփիւռքի Հայկական վարժարանները զուգահեռ գիտութեան ամբարումի եւ կրթութեան կը փոխանցեն ոգեղէն սնունդ, կը կերտեն ազգային դիմագիծ, կը ցանեն մտաւոր եւ բարոյական արժէքներ։
Այսօր Լիբանանեան թղթոսկին իր նախնական տոլարի արժէքին համեմատած չորսէն հինգ անգամով արժեզրկուած է։ 1 տուփ մատիտին արժէքը 5000 էն 20000 հազարի բարձրացած է։ Նիւթական ծանր դժուարութիւններ կռող անգործ ընտանիքներու զաւակները իրարօգնութեամբ կը շարունակեն տոկալ։
Շնորհիւ հայկական վարժարաններու տնօրենութիւններուն, ուսուցիչներուն խնամակալութիւններուն եւ բարերարներուն անսպառ զոհողութեան կը գոյատեւէ հայակերտման օճախը, ուսուցանելով մայրենի լեզու եւ հայոց պատմութիւն։
Հեղինակ՝ Փաթիլ Մկրտչյան