Մեծի Տանն Կիլիկիո Կաթողիկոս Արամ Ա-ն Ֆեյսբուքի իր էջում գրել է.
«Հետեւեցայ Ֆրանսայի Ծերակոյտէն ներս Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման գծով արտասանուած խօսքերուն ու ապա՝ միաձայնութեամբ որդեգրուած բանաձեւին։ Հազա՜ր պատիւ Ֆրանսային, ժողովուրդին կամքը ներկայացնող Ծերակոյտին։
Կը յուսամ ու կը մաղթեմ, որ այլ երկիրներ եւս հետեւին Ֆրանսայի օրինակելի ու քաջ քայլին։
Ցաւի ու տխրութեան ամպերով կուտակուած հայ ժողովուրդին կեանքի երկինքին վրայ, յոյսի ու ոգեւորութեան ճառագայթ մըն է բարեկամ Ֆրանսայի այս որոշումը»։