Հազարաւոր հայորդիներ, մասնակցութեամբ տեղացի ժողովուրդին, փակեցին Հալէպի ամենաբանուկ փողոցներէն մէկը եւ Արցախի մէջ Ատրպէյճանի ու Թուրքիոյ գործած ոճիրներուն դէմ բողոք բարձրացուցին:
Ազիզէի հրապարակը հաւաքուած ցուցարարներուն միացան Սուրիոյ խորհրդարանէն, Հալէպի նահանգային խորհուրդէն, Սուրիոյ մէջ գործող տարբեր համայնքներու, կուսակցութիւններու, կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:
Շեյխ Ջեմալ Համմաշ - Կհարցնէք՝ ինչու հայերուն հետ կը մասնակցիմ այս ցոյցին, սակայն հարց պէտք է տալ այն ժամանակ երբ չեմ մասնակցիր, որովհետեւ հայերուն զօրակցիլը ե՛ւ սուրիական, ե՛ւ միջազգային, ե՛ւ մարդկային պարտաւորութիւն է: Թուրքիոյ հարց կ՛ուղղեմ, դեռ չկշտացա՞ր սուրիացիներու, լիպացիներու, իրաքցիներու արիւնէն: Ի՞նչ է ուզածդ, հեռացիր մեզմէ, բաւ է հրդեհ բռնկեցնես, որովհետեւ այդ հրդեհը վերջաւորութեան քեզ հովը տանող մոխիր պիտի դարձնէ:
Ռամի Խուրի (Սիրիայի Ազգային սոցիալական կուսակցության ներկայացուցիչ) - Մենք պէտք է սորվինք եւ սորվեցնենք մեր զաւակներուն, որ Իսլայէլն ու Թուրքիան միեւնոյն դրամին երկու երեսներն են: Այն արիւնը, որ Թուրքիոյ պատճառով թափուեցաւ Սուրիոյ մէջ, այսօր նոյն պատճառով կը թափուի Արցախի մէջ: Կը մասնակցիմ այս ցոյցին՝ բողոքելու մարդկային ամենասարսափելի ցեղասպանութեան դէմ, որ դար մը առաջ գործուեցաւ Թուրքիոյ կողմէ հայերուն դէմ եւ որ այսօր կը գործուի Արցախի մէջ:
Բողոքի ձայները հաստատեցին, որ Թուրքիոյ անմիջական աջակութեամբ է, որ Սուրիայէն Ատրպէյճան կը փոխադրուին վարձական ահաբեկչական խմբաւորումները:
Նիզար ՔուեՖաթի (Արաբական սոցիալիստական կուսակցութեան անդամ) - Մենք դէմ ենք Հայաստանի եւ Պաղեստիտի դէմ գործուած ոճիրներուն: Այս նոյն նսեմ օսմանցին է, որ ներխուժեց Սուրիա եւ այսօր կը ներխուժէ Հայաստան եւ Արցախ:
Մենք հայ ժողովուրդի կողքին ենք, որովհետեւ ան իրաւատէր է:
Սենաա Ֆախր Ադ Դին (Սիրիայի խորհրդարանի անդամ) - Մենք կը զօրակցինք հայերուն անոնց բոլոր քայլերուն մէջ: Կասկած չկայ հայերը պիտի յաղթեն, որովհետեւ անոնք իրաւատէր են, անոնք են հողին տէրը: Պատմութիւնը պիտի արձագանգէ հայոց յաղթանակը:
Ցոյցին մասնակցողները երեք լեզուներով` հայերէն, արաբերէն եւ անգլերէն վանկարկեցին Ատրպէյճանի, Թուրքիոյ, ի մասնաւորի ոճրագործ Էրտողանի դէմ, զանիկա ահաբեկիչ անուանելով:
Բասել Խարաթ (Սիրիայում Ազգային արաբական երիտասարդություն կազմակերպության նախագահ) - Մեր ազգային պարտականութիւնը մեզ կը մղէ կենալ հայ ժողովուրդի կողքին:
Արիւնարբու թուրքը կը ջանայ թուրքականութեան իր ծրագիրը իրականացնել եւ կրկին ցեղասպանութեան ենթարկել հայ ժողովուրդը: Մենք կը զօրակցինք հայկական բանակին ու հայ ժողովուրդին:
Հալէպահայութիւնը հաստատեց, որ այնպէս ինչպէս պաշտպանեց սուրիական հայրենիքը, նոյն թշնամիին դէմ պիտի պաշտպանէ Արցախ հայրենիքը:
Արամ Ավագյան - Մեր նպատակը տկարութիւն չի ճանչնար: Պիտի յաղթենք:
Սուրիացիները, որ լաւապէս ճանչցած են միջազգային նենգ նախագիծերով առաջնորդուող ահաբեկչական վարձկան խմբաւորումներու էութիւնը, կը գիտակցին, որ անոնց գոյութիւնը սպառնալիք է ոչ միայն տուեալ տարածաշրջանի երկիրներուն այլ ընդհանրապէս ողջ մարդկութեան: