Անցեալ շաբաթ չորս օրերու վրայ տարածուած միջ-կրօնական միջազգային համագումար մը տեղի ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ մէջ գումարուելիք G20-ի օրակարգի հարցերու քննարկման յատկացուած: Յայտնենք, որ վերջին տարիներուն G20-ի հանդիպումներու առընթեր միջ-կրօնական համագումարներ տեղի կ’ունենան՝ պարզելու կրօններու ու քաղաքացիական կազմակերպութիւններու հայեցակէտերը G20-ի կողմէ քննարկուելիք հարցերու շուրջ: Այս անգամ յիշեալ համագումարը կազմակերպուած էր չորս միջազգային կազմակերպութիւններու կողմէ.- Ապտալլահ Բ. Թագաւորի հիմնած միջ-կրօնական ու մշակութային կեդրոն (KAICID), G20 միջ-կրօնական Ֆորում (G20 interfaith forum), Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան քաղաքակրթութիւններու երկխօսութեան բաժանմունք (UNAOC) եւ հանրային հիւանդութեանց կանխարգիլման կեդրոն (NCIRD):
G20 պետական ղեկավարներու 2019-ի տարեկան համագումարը տեղի ունեցած էր Օսաքայի (Ճափոն) մէջ: Այս տարի տեղի պիտի ունենայ Ռիատի (Սէուտական Արաբիա) մէջ Նոյեմբեր 21-22-ին:
Համագումարը տեղի ունեցաւ առցանց կերպով: Անոր մասնակցեցան աւելի քան 300 քաղաքացիական, հասարակական ու կրօնական կազմակերպութիւններ, նաեւ միջազգային համբաւ վայելող փորձագէտներ ու մասնագէտներ: Համագումարը չորս գլխաւոր բաժիններէ բաղկացած էր եւ իւրաքանչիւր օր յատկացուած էր մէկ բաժնի նիւթերու ներկայացման ու քննարկման. 1) Քորոնա ժահրը ու անոր հետեւանքները չէզոքացնելու միջոցները, 2) Կնոջ, երիտասարդութեան, գաղթականներուն, ցեղապաշտութեան, աղքատութեան, դաստիարակութեան առնչուած հարցեր, 3) կենսոլորտային, մարդկային իրաւանց, կրօնական, ազատութեան, ինքնորոշման հետ աղերս ունեցող խնդիրներ, 4) կրօնի դերը ընկերութիւնը յուզող հարցերու լուծման գծով:
Վեհափառ Հայրապետը հրաւիրուած էր որպէս գլխաւոր դասախօս չորրորդ բաժնին: Իր խօսքին սկիզբը Նորին Սրբութիւնը շեշտեց, թէ ճիշդ չէ կրօնի դերը սահմանափակել սոսկ տագնապի լուծման շրջագծէն ներս, այլ զայն անհրաժեշտ է տեսնել առաջին հերթին տագնապի կանխարգիլման մէջ: Հո՛ս կը կայանայ կրօնի եզակի դերը, ընդգծեց Վեհափառ Հայրապետը ու միաժամանակ յայտնեց թէ՝ կանխարգիլման ու լուծման աշխատանքները հարկ է արժեւորել ու իրագործել նոյն շրջագծէն ներս, որպէս զիրար ամբողջացնող մօտեցումներ:
Այս ընդհանուր խորքին վրայ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ, թէ անհրաժեշտ է յստակ զանազանութիւն մը դնել բնութեան հետ աղերս ունեցող տագնապներուն (օրինակ՝ երկրաշարժ), որոնց պատճառը մարդը չէ, եւ մարդու առնչուած տագնապներուն (օրինակ՝ կենսոլորտային հարցեր ու պատերազմներ), որոնց պատճառը մարդն է: Կրօնին իւրայատուկ դերը անհրաժեշտ է քննարկել տուեալ տագնապի բնոյթի լոյսին տակ: Տագնապ մը կանխարգիլելու գծով Վեհափառ Հայրապետը հետեւեալ երկու օրինակները թուեց.- Առաջին, բժշկական գիտութեանց համաձայն կարելի է շարք մը հիւանդութիւններու առաջքը առնել մեր ապրելակերպը փոխելով: Երկրորդ, ընկերութիւնը դիմագրաւող շարք մը տագնապները կանխելը կարելի է արդարութիւն հաստատելով կամ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքը ճանչնալով եւ կամ մարդկային իրաւունքները յարգելով:
Խօսելով տագնապներու լուծման կրօնին բերելիք նպաստին մասին, Վեհափառ Հայրապետը այդ դերը ճշդեց հետեւեալ պարտաւորութիւնները մատնանշելով.- նախազգուշական միջոցներու կենսական կարեւորութիւնը յիշեցնելով պատասխանատուներուն եւ ընդհանրապէս ընկերութեան, աշխատելով արդարութեան վրայ հիմնուած խաղաղութեան համար, բարոյական արժէքներու կարեւորութիւնը շեշտելով, ընկերութեան մէջ գործող կառոյցներուն հետ գործակցութեան գործընթացքներ հաստատելով, հասարակական ընկերութեան տեղեկութիւն ու մարդուժ տրամադրելով, ընկերութիւնը դաստիարակութեան ու ինքնագիտակցութեան մղող նախաձեռնութիւններու դիմելով, կարիքաւորներուն ընկերատնտեսական օժանդակութիւն կատարելով:
Այս ծիրէն ներս Նորին Սրբութիւնը երկու օրինակներ յիշեցուց.- Առաջին, անդրադառնալով քորոնա ժահրի տագնապին ըսաւ, թէ նոյնիսկ մեծ ազգեր ու բժշկական բնագաւառէն ներս կազմակերպուած ընկերութիւններ չկարողացան արագ կերպով դիմագրաւել յիշեալ ժահրը, ինչպէս նաեւ պետական ու քաղաքական պատասխանատուներ՝ քաղաքական ու տնտեսական մտահոգութիւններէն մեկնած ազդու միջոցներու չդիմեցին: Սակայն, կրօններ արագ շարժեցան թէ՛ իրենց լայն համացանցի ճամբով եւ թէ յարաբերական կապերու ու կառոյցներու միջոցաւ գործի լծուեցան մէկ կողմէն՝ ժողովուրդը զգուշացնելով ու յստակ ուղղութիւն տալով, եւ միւս կողմէն՝ ընկերային օժանդակութիւններ կազմակերպելով: Երկրորդ, կենսոլորտային հարցերու գծով կրօնի նպաստը առաւելաբար պէտք է յիշեցումի ու նոյնիսկ քննադատողի դերին մէջ ըլլայ, որովհտեւ կենսոլորտային տագնապներու յառաջացման պատասխանատուն մարդն է, մարդուն կողմէ բնութեան շահագործումն է ինչ-ինչ տնտեսաքաղաքական նպատակներու համար:
Եզրակացնելով իր խօսքը, Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց կրօնի դերը ընկերութեան կեանքին մէջ ու յատկապէս տագնապներ կանխարգիլելու ու անոնց լուծումներ որոնելու իմաստով եւ այս ուղղութեամբ հրամայական նկատեց կրօն, քաղաքացիական ընկերութիւն եւ պետութիւն սերտ գործակցութիւնը: Ապա հինգ հոգիներ աւելի լայն կերպով քննարկեցին Նորին Սրբութեան կողմէ արտայայտուած մտածումները՝ ատենապետութեամբ Դոկտ. Թորայա Օպայտի, Միացեալ Ազգերու նախկին ենթա-ընդհանուր քարտուղար: