Անոնց սրտերը կ՛եռար Արցախ հայրենիքին համար բան մը կարենալ կատարելու համար: Եթէ հնարաւոր ըլլար կ՛ուզէին մեկնիլ Արցախ եւ կռուիլ իրենցմէ միայն քանի մը տարիով մեծ զինուոր հայրենակիցներուն հետ:
Եւ որովհետեւ ֆիզիքապէս հայրենիքին ծառայելը հնարաւոր չէր, ուրեմն պէտք էր մտածել այլ տարբերակի մասին: Մտածեցին եւ եզրակացուցին, որ որպէս առաջին քայլ կրնան նիւթական օժանդակութեամբ սատարել հայրենիքին:
Օժանդակութեան արկղը պատրաստելը վստահեցան Արմէնին, որ առանց ուշանալու ընդառաջեց ընկերներուն առաջարկին:
Անոնք դրամահաւաքի տուփը նմանցուցին ռազմամթերքի արկղերուն, յուսալով, որ ամէն պահ դիտելով այդ տուփը իրենց երազը կ՛իրականանայ եւ իրենք ալ կ՛ուղղուին ռազմաճակատ:
Հայրենասիրութեամբ տոգորուած աշակերտներուն դաստիարակը նշեց, որ պատանիներուն առաւել ոգեւորողը եղաւ այն պարագան, որ Արցախը պաշտպանող հերոսներուն մէջ կան նոյն այս վարժարանէն շրջանաւարտ ճեմարանականներ:
Վարժարանի աշակերտներէն` Շուշիին ծնողքը, իր դուստրը անուանած էր Արցախեան Շուշի քաղաքի անունով եւ մեր Շուշին հպարտ է իր անունով:
Աշակերտներն Արցախի նուիրուած ձեռնարկ եւս պատրաստեցին եւ վերանորոգեցին հայրենանուիրումի իրենց ուխտը: