Սիրիացի փորձագետները և խորհրդարանի անդամները հաստատում են այն, ինչն Արցախի դեմ նոր պատերազմ սանձազերծելու առաջին օրից փորձում են կոծկել Թուրքիայի ու Ադրբեջանի ղեկավարները:
Մասնագիտական վերլուծությունները փաստում են, որ Ռեջեփ Էրդողանը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտության նոր սրացումը նախագծել էր դեռևս հուլիսին՝ իր տիրապետության տակ գտնվող ահաբեկչական խմբավորումներին Սիրիայի տարածքում վերադասավորումներ իրականացնելով և նրանց մի մասին դեպի Ադրբեջան ուղարկելով:
Սիրիայից պատմում է մեր թղթակից Մարիա Գաբրիելյանը:
Շաբաթներ առաջ Արցախի դէմ Ատրպէյճանի մղած պատերազմին գլխաւոր դերակատարութիւնը Թուրքիոյ կողմէ վստահուեցաւ Սուրիայէն ուղարկուած զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն: Փորձագէտները այս մէկը կռահած էին տարեթիւիս Յուլիս ամիսէն, երբ Թուրքիան Սուրիոյ մէջ իր տիրապետութեան ներքեւ գտնուող շրջաններուն մէջ գրասենեակներ հաստատելով բաց յայտարարած էր ահաբեկիչները այլ շրջաններ առաքելու ցուցակագրումը:
ԽԱԼԷՏ ԻՍՔԷՖ- Փորձագէտ, լրագրող- Մօտաւորապէս տարեթիւիս 6-րդ ամսուն Թուրքիոյ տիրապետութեան ներքեւ գտնուող Հալէպի հիւսիսային շրջանէն մեր ստացած տեղեկութիւններուն հիմամբ յայտարարեցինք, որ Ատրպէյճանի մէջ հայերու դէմ կռուելու համար Թուրքիան ահաբեկիչներու ցանկագրման գրասենեակ բացած է ԱՖրինի մէջ:
Թուրքիոյ կողմէ նախապատրաստական աշխատանքները սկսած էին Արցախի պատերազմէն շուրջ երկու ամիս առաջ: Առայժմ միայն Սուրիայէն Ատրպէյճան մեկնող ահաբեկիչներուն թիւը կը գնահատուի աւելի քան երկու հազարով:
Յստակացնելով հայերու դէմ կռուող ահաբեկիչներու ինքնութիւնը՝ փորձագէտը հաստատեց, որ անոնք նոյն այն խմբաւորումներն են, որոնք Թուրքիոյ կողքին Սուրիոյ դէմ կռուեցան:
ԽԱԼԷՏ ԻՍՔԷՖ- Փորձագէտ, լրագրող- Ահաբեկիչները թուրքմէններ են, Ատրպէյճան մեկնող գլխաւոր խմբաւորումները ԱԼ ՀԱՄԶԱ, ՖԱՅԼԱՔ ԱԼ ՇԱՄ, ՍՈՒԼԹԱՆ ՄՈՒՐԱՏ եւ ՍՈՒԼԱՅՄԱՆ ՇԱՀ խմբաւորումներու անդամներն են: Այս խմբաւորումները Թուրքիոյ կողքին կը կռուին առաջին այն օրէն երբ Թուրքիա սկսաւ պատերազմիլ Սուրիոյ դէմ:
ՀԱՄԶԷ խմբաւորման անդամները պատրաստուած են ԱՄՆի հսկողութեամբ: Անոնք ծագումով սուրիացի չեն, այլ` թուրքմէն, որոնք օրին Օսմանեան կայսրութեան կողմէ հաւաքագրուած էին վարձկան զինուորագրելու նպատակով: Լսած եմ անոնց արտայայտութիւնները, թէ Թուրքիոյ հետ են ինչ ալ ընէ եւ ինչ ալ պահանջէ: Անոնց հաւատարմութիւնը Թուրքիոյ է:
Էրտողանը շահագործելով տարածաշրջանի իրավիճակը կը ջանայ Օսմանեան հին երազները վերանորոգել:
-Հայերը Արցախի տէրերն են, հողի բնակիչը, եւ հողի բնակիչն է որ կ՛որոշէ իր ճակատագիրը:
Փորձագէտներու համար անհերքելի իրականութիւն է Արցախի դէմ կռուելու համար Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած սուրիական տարածքներէն ահաբեկիչներու Ատրպէյճան ղրկուիլը:
ՓԻԵՌ ՄԸՐՃԱՆԷ- Սուրիոյ խորհրդարանի անդամ- Ափսոս որ Ատրպէյճանը Թուրքիոյ հրահրումով ու զէնքով նաեւ Իսրայէլի զէնքով կը պատերազմի հայերուն դէմ:
Ահաբեկիչները Թուրքիոյ տիրապետութեան ներքեւ գտնուող սուրիական հողամասերէն կ՛առաքուին Արցախ եւ այս պատճառ պիտի դառնայ, որ յետագային այլ շրջանի մը մէջ եւս ահաբեկչական նոր կեդրոն մը յառաջանայ:
Շեշտնելով տարածաշրջանին մէջ Թուրքիոյ ծաւալապաշտական գործունէութիւնը, խորհրդարանի անդամը համոզուած է, որ եթէ թուրքը դուրս գայ Արցախի խնդիրէն ապա հարցի լուծումը կը դիւրանայ:
ՓԻԵՌ ՄԸՐՃԱՆԷ- Սուրիոյ խորհրդարանի անդամ- Թուրքիոյ ոտնձգութիւնները կը տեսնենք Սուրիոյ, Լիպիոյ, Միջերկրականի արեւելքը` Կիպրոսի եւ Յունաստանի մէջ: Այսուհանդերձ կը կարծեմ, որ անոր հետապնդած նպատակը` ցնորքը, շուտով պիտի կորի: Թուրքիան ԱՄՆ-ի ցուցմունքներով կը յառաջանայ՝ նպատակ ունենալով աշխարհի տարբեր շրջաններու մէջ լարուած գօտիներ ստեղծել:
Փորձագէտը կը հաստատէ, որ այս պատերազմն արցախահայութեան համար ճակատագրական գոյամարտ է՝ յանուն սեփական հայրենիքի պաշտպանութեան:
ՓԻԵՌ ՄԸՐՃԱՆԷ- Սուրիոյ խորհրդարանի անդամ- Բոլորս գիտենք, որ հայկական քաղաքակրթութիւնը գոյութիւն ունի շատ վաղ ժամանակաշրջաններէ: Հայերու ներկայութիւնն Արցախի մէջ ոչ ոք կրնայ ուրանալ, ո՛չ Ատրպէյճանը, ո՛չ Թուրքիան: Ինքնորոշման իրաւունքն արցախահայութեան կը պատկանի, Ատրպէյճանն ու Թուրքիան զուրկ են այս իրաւունքէն: Ատրպէյճանը կրնայ պատմութեան վերադառնալ փաստելու համար, որ Արցախը պատմականօրէն որո՞ւ կը պատկանի: Պատերազմը բնաւ միջոց չէ իր պնդումները հաստատելու համար: Իմ կարծիքովս հայերը բացարձակ իրաւատէր են իրենց հողը պաշտպանելու հարցին մէջ, որովհետեւ անոնք այս հողի բնիկ ժողովուրդն են:
Սուրիոյ խորհրդարանի անդամը իր ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեց հայ ժողովուրդին:
ՓԻԵՌ ՄԸՐՃԱՆԷ- Սուրիոյ խորհրդարանի անդամ- Անձնապէս հոգւով ու սրտով արցախահայութեան հետ եմ, անոնք արդար են եւ կառչած են իրենց հողին: Անոնց կեծուածքը շատ նման է պաղեստինցիներու կեցուածքին, զոր Իսրայօլ կ՛ուզէ տեղեհանել զիրենք իրենց հողերէն:
Փորձագէտ ՔԱՄԱԼ ՃԱՖԱՆ քաղաքական վերլուծութեամբ յստակացուց, թէ ինչու յատկապէս այս ժամկէտին եւ այս ձեւաչափերով Թուրքիան Ատրպէյճանի ճամբով բախումի դաշտը Սուրիայէն փոխադրեց Արցախ:
ՔԱՄԱԼ ՃԱՖԱ- Փորձագէտ- Խորքին մէջ եղելութիւնը հետեւեալն է.-Էրտողանը աչք դրած էր Լիպիոյ վրայ, եւ այս պատճառով անցնող տարուան մէջ 30 հազար ահաբեկիչ փոխադրեց այնտեղ: Սակայն երբ Լիպիոյ թղթածրարին ուղղութեամբ միջազգային հետաքրքրութիւն եւ հետապնդում յառաջացաւ, յատկապէս Եւրոմիութեան երկիրներու կողմէ, որոնք ջանացին Էրտողանի ձեռքը կտրել Լիպիոյ մէջ, Էրտողանը ստիպուեցաւ ահաբեկիչները վերադարձնել Սուրիա: Այս շրջանին ան կը ջանար սուրիական ՄՈՒՆՊԷՃ քաղաքին տիրանալ, ըստ իրեն Ռուսիան խոստացած էր ՄՈՒՆՊԷՃԸ Թուրքիոյ յանձնել: Սակայ երբ Ռուսիան հերքեց այդ խոստումը եւ Ռուսիա-Թուրքիա բանակցութիւնները փակուղիի դիմաց գտնուեցան, Թուրքիան ԱՄՆ-ի թելադրանքով ծրագրեց բախում բռնկեցնել Ռուսիոյ Յետնամասի այգիին մէջ (սա եթե հնարավոր է, ավելի պարզ ներկայացնել):
Փորձագէտին կարծիքով այս բոլորը փոքր ծրագիրներ են Ռուսիոյ եւ Չինաստանի առնչուած ԱՄՆ-ի հետապնդած մեծ նպատակները իրականացնելու համար:
ՔԱՄԱԼ ՃԱՖԱ- Փորձագէտ- Ատրպէյճանի ճամբով Արցախի մէջ ճակատ բանալը տարածքը վերայրելու քաղաքականութիւնն է: Այս միջոցով պիտի փորձեն երկարաժամկէտ ճակատներ բանալ վերաջակէտելու համար ՇԷՆԿՀԱՅ կազմակերպութիւնը եւ խափանելու Չինաստանի երազը:
Իսկ Արցախի դէմ կռուելու համար Ատրպէյճան մեկնած ահաբեկչական խմբաւորումներու բնոյթին գծով փորձագէտը պարզեց:
ՔԱՄԱԼ ՃԱՖԱ- Փորձագէտ- Թուրքիան ճնշում բանեցուց Սուրիոյ մէջ իր տիրապետութեան ներքեւ գտնուող տարածքին մէջ ապրող ահաբեկիչներու վրայ, որոնք մերժեցին Ատրպէյճան երթալ: Զանոնք զրկեց կենսական տարրական կարիքներէն, այնպէս որ անոնց դիմաց ապրելու միակ տարբերակը Ատրպէյճան մեկնիլը եղաւ: Էրտողանն այս գործին մէջ վստահեցաւ այն թուրքմէններուն, որոնք թրքական արմատներ ունին: ՍԻՒՆԻ համայնքի ծայրայեղ խմբաւորումներու շէյխերը մերժեցին կռուիլ ատրպէյճանի կողքին, պատճառաբանելով որ Ատրպէյճանը ՇԻԱ համայնքին կը պատկանի, առ այդ Էրտողանը վստահեցաւ իրենց գաղափարաբանութեամբ Թուրքիոյ մօտ եղող ահաբեկիչներուն եւ ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐ կազմակերպութեան, որովհետեւ անոնք անվերապահ կը պաշտեն Թուրքիան, մանաւանդ Էրտողանը:
Փորձագէտը շեշտեց, որ Հայաստանի կառավարութիւնը միջազգային օրէնքներով իրաւացի է իր սեփական ժողովուրդը պաշտպանելու իր կեցուածքին մէջ: