Ծառուկեանը կալանաւորելու որոշումը կայացեր է՝ ունենալով վերադաս դատարանի իրաւական դիրքորոշումները. Գլխաւոր դատախազի խորհրդականը անդրադարձաւ դատարանի որոշումին:
«Վէոլիա ջուր» ընկերութեան հրապարակածը՝ ջրամատակարարութեան ժամերու կրճատում չենթադրեր։
Հսկիչ դրամարկղի կտրոն չվերցնելու համար քաղաքացիները տուգանելու նախագիծ չկայ օրակարգին մէջ. Բաբգէն Թունեանը հերքեց շրջանառուող լուրերը։
Այսօր կը լրանայ hայ երգի ռահվիրայ Կոմիտաս Վարդապետի 151-ամեակը:
Իսկ Արցախի մէջ կը տօնեն մայրաքաղաքի հիմնադրութեան 97-ամեակը:
Քորոնայի դէմ պատուաստանիւթի առաջին խմբաքանակի մատակարարումը Հայաստանի մէջ կը նախատեսուի 2021-ին՝ յայտնեց Առողջապահութեան նախարարութիւնը:
Իսկ օրուան քորոնայի թիւերը աւելցած են. հաստատուած է 429 նոր դէպք, առողջացած՝ 175 անձ:
Անի Զէյթունցեան