Ինքնորոշման իրաւունքի մերժումը կրնայ միայն յանգեցնել բռնաճնշումի և նոր բռնութիւններու. Վարչապետի ելոյթը՝ ՄԱԿ-ի 75-րդ տարեդարձին առիթով:
Մեծամորի ատոմակայանը հարուածելու՝ Ատրպէյճանի սպառնալիքը մարդկութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւն է. Ատոմային ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան 64-րդ գլխաւոր համաժողովին յայտարարեց նախարար Պապիկեան:
Առաջին ալիքի «Լուրեր»ը լրատուական ծրագիրներու առաջին եռեակին մէջ է. հրապարակուեցաւ Հեռատեսիլի և Ռատիոյի յանձնաժողովի վարկանիշային աղիւսակը:
Ընկերային ծառայութիւններ տրամադրելու գրասենյակ պիտի ստեղծուի: Խորհրդարանը արտահերթ նիստին նախագիծը ընդունեց:
Արմէն Փամբուխչեանը որպէս Ազգային Ժողովի պատգամաւոր ելոյթ ունեցաւ վերջին անգամ ըլլալով: Ան կը նշանակուի Արտակարգ իրավիճակներու նախարարի տեղակալ:
Դատարանը Միքայէլ Մինասեանը կալանաւորելու որոշում կայացուց:
Օրուան քորոնայի թիւերը. հաստատուած է թագաժահրի վարակման 115 նոր դէպք, ապաքինուած՝ 39 քաղաքացի։
Անի Զէյթունցեան