Սահմանադրական դատարանի դատաւորի պաշտօնին ընտրուած Արթիւր Վաղարշեանն ու Էտկար Շաթիրեանը խորհրդարանին մէջ երդմամբ ստանձնեցին Սահմանադրական դատարանի դատաւորի պաշտօնը:
Ազգային ժողովը մերժեց նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի պաշտօնանկութեան հարցը բարձրացնելու առաջարկը:
Կառավարութիւնը 182 մլն դրամ տրամադրեց Քանաքեռ-Զէյթուն վարչական շրջանին մէջ փլուզուած 12 բնակարաններու սեփականատէրերուն:
Երեւանի Պետական Համալսարանի նախկին ռեկտորին Արամ Սիմոնեանին մեղադրանք առաջադրուած է. Կը յայտնէ Քննչական Կոմիտէն։
«Աուրօրա» մարդասիրական ամէնամեայ մրցանակի դափնեկիրները յայտնի են. Ֆարթուն Ատան և Իլվատ Էլման Սօմալիի մէջ կը ղեկավարեն «Էլման» խաղաղութեան և մարդու իրաւունքներու կեդրոնը:
Օրուան քորոնայի թիւերը․ հաստատուած է թագաժահրի 295 նոր դէպք, ապաքինուած՝165 քաղաքացի:
Անի Զէյթունցեան