Այսօրուընէ Հայաստանի մէջ արտակարգ դրութիւնը վերջ կը գտնէ. յայտարարուեցաւ քարանթին՝ մինչև 2021 թ. Յունուար 11-ը ներառեալ:
Օրուան քորոնայի թիւերը 177 է, ապաքինուած է 201 քաղաքացի:
Նոյեմբեր 1-էն կը կը կասեցուի հակա-ճգնաժամային ծրագիրներու շրջածիրէն ներս դրամական աջակցութեան տրամադրումը:
Արցախի մէջ արտակարգ իրավիճակը երկարաձգուեցաւ մինչև Հոկտեմբեր 11:
Փոփոխութիւններ՝բուհերուն մէջ օտարերկրացիներու և սփիւռքահայերու փաստաթուղթերու ընդունման ժամկէտերու մէջ: Վճարովի պակալորիայի ուսուցման համար ժամկէտ սահմանվուած է մինչև Հոկտեմբեր 15-ը ներառեալ:
Օրէնքի նոր նախագիծով 27 տարին լրացած, պարտադիր զինծառայութիւն չանցած և քրէական հետախուզման մեջ գտնուող Հայաստանի քաղաքացիները՝ պայմանագրային զինծառայողի երկու տարուան աշխատավարձք վճարելով՝ կ՛ազատին քրէական հետապնդումէն:
Անի Զէյթունցեան