Անցնող օրերուն թագավարակը Հալէպի մէջ մեծ ուժգնութեամբ տարածուելէ ետք ժողովուրդին մօտ յուսալքութեան ահաւոր վիճակ ստեղծուեցաւ: Խնդիրն այն էր, որ իննամեայ պատերազմի պատճառով քաղաքի ենթակառոյցները՝ հիմնականօրէն հիւանդանոցներն ու դեղորայքի գործարանները, վնասուած էին: Կացութիւնը առաւել բարդացուցին ԱՄՆ-ի կողմէ պարտադրուած պատժական տնօրինումները:
ՀԱԿՈԲ ՔԻԼԵՋՅԱՆ, համայնքի պատասխանատու - Պատերազմի այս տասը տարուան արհաւիրքը, որ ապրեցաւ ի մասնաւոր Հալէպը, բաւական լուրջ ճգնաժամային վիճակի մէջ մատնեց առողջապահական համակարգը, որովհետեւ շրջափակումը որ եղաւ արեւմտեան երկիրներու կողմէ, ի մասնաւորի ԱՄՆ-ի եւ եւրոպական միութեան կողմէ, երկիրը լուրջ տնտեսական ճգնաժամի ենթարկեց: Հիւանդանոցները դժուարութիւն ունին հիւանդներ ընդունելու: Յայտարարուած թիւերու հիման վրայ սեփական հիւանդանոցները ունին միայն 130 անկողիններ, որոնք կրնան տրամադրել քորոնայով վարակուած հիւանդներուն: Հետեւաբար երկու միլիոն ժողովուրդին բաւարար չէ:
Հալէպահայ համայնքի պատասխանատուները ջանք չեն խնայեր ժողովուրդին օգտակար կարենալ դառնալու համար, սակայն կարողութիւններն ու պահանջները անհաւասար կը մնան:
ՀԱԿՈԲ ՔԻԼԵՋՅԱՆ, համայնքի պատասխանատու - Կանխարգիլման բոլոր միջոցները կիրակեցինք, բոլոր աշխատանքները դադրեցուցինք, ինչ որ պէտք էր շտապի թիւեր փոխանցեցինք: Ի յայտ եկաւ որ բաւական մեծ թիւ ունինք վարակուողներու, դժբախտաբար ունեցանք 10 զոհեր: Կ'ըսենք մեր ժողովուրդին, որ տուները մնան, այսպէս կ'ըսենք բայց անոնք ստիպուած են տունէն իջնել աշխատիլ, օրապահիկը ապահովել եւ ընտանիքը պահել: Ինչ որ առողջպահական խնդիրներ կան, ունինք առաջնորդարանի կապուած ընկերային ծառայութիւնը, որ մեր հիւանդներուն կրնայ հոգալ, որովհետեւ սղաճի այս պայմաններուն մէջ հիւանդանոց մտնելը բաւական սուղի կը նայի:
Հալէպn այսօր սնունդի, կենսական կամ տարրական կարիքներու չգոյութեան կամ պակասի տագնապ չի դիմագրաւեր, ընդհակառակը՝ այս տարի բերքը առատ էր, սակայն հարցը սղաճն է, սուրիական դրամի անկումը ամերիկեան տոլարի դիմաց եւ գնման գներու անբնական բարձրացումը ահաւոր վիճակ ստեղծեց: Իսկ դեղորայքի տագնապի պարագան այլ էր:
ՀԱՐՈՒԹ ՄԻՆԱՍՅԱՆ, դեղագործ - Տագնապը որ հիմա կայ քորոնավայրուսի ախտանշաններու բուժման համար օգտագործուած դեղերն են, օրինակ «Ազիթրոմայիսինը», վեթամին C-ն եւ «Սիթամոլ»-ն է, որովհետեւ ժողովուրդին պահանջը աւելի է, անոր համար չբաւարարեր բոլորին:
Դեղագործները կը հաստատեն, որ հիմնականօրէն սի եւ տի կենսանիւթերու ժողովուրդին պահանջները չեն կրնար գոհացնել:
ՀԱՐՈՒԹ ՄԻՆԱՍՅԱՆ, դեղագործ - Վեթամին C-ն եւ D-ն բաւարար չափով չկայ, որովհետեւ վարակուողը եւ չվարակուողը հիւանդները կը դիմեն վեթամին սի եւ տիի, այդ պատճառով անբաւարար է իրենց պահանջները գոհացնելու:
Ստեղծուած դժուար երբեմն նոյնիսկ անել կացութիւններուն հանդերձ Հալէպահայ համայնքի պատասխանատուները կը շարունակեն ժողովուրդին ծառայելու միջոցներ գտնել: