Մեծի տանն Կիլիկիո կաթողիկոս Արամ Առաջինն այսօր հանդիպել է «Թեքեյան» մշակութային միության հիմնադիրներին՝ հայտնում է Վեհափառի ֆեյսբուքյան էջը: Բեյրութում տեղի ունեցած աղետալի պայթյունից «Թեքեյան» կենտրոնը լուրջ վնասներ է կրել:
«Այս առաւօտ՝ Շաբաթ, 15 Օգոստոս 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ ընդունեց Թէքէեան Մշակութային Միութեան հիմնադիրներու մարմնի դիւանին այցելութիւնը, գլխաւորութեամբ ատենապետ Յակոբ Գասարճեանի, որուն կ՚ընկերանային Անի Լաջինեան-Մակարեան եւ Տոքթ. Յովիկ Վարդանեան:
Այցելութիւնը առիթ մը հանդիսացաւ անդրադարձ կատարելու Թէքէեան Մշակութային Միութեան աշխատանքներուն եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն, ինչպէս նաեւ Լիբանանի հայութեան դիմագրաւած մտահոգութիւններուն: Այս ծիրէն ներս անոնք յայտնեցին, թէ միութեան կեդրոնը եւ Թէքէեան Վարժարանը լուրջ վնասներու ենթարկուած են Պէյրութի մէջ պատահած պայթումին հետեւանքով:
Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքին մէջ կարեւորութեամբ շեշտեց միասնական ու հաւաքական ոգիով եւ կարելի փութով Լիբանանի հայութեան վերականգնումին հրամայականը, որովհետեւ, ինչպէս անցեալին, նոյնպէս այսօր, համահայկական իր դերակատարութեամբ առանցքային տեղ կը գրաւէ Լիբանանի գաղութը Սփիւռքի հայութեան կեանքին մէջ»,- ասված է գրառման մեջ:
։